2013-09-09 13:45:37

Հազար ''Այո'' Խաղաղութեան Համար` Կը Բացագանչէ Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Գերապայծառ Գուսան։


Ընդառաջեով ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հռչակած Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան կոչին, շաբաթ 7 Սեպտեմբերին երեկոյեան, աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ
Աղօթքի հսկումի երեկոյ գլխաւորութեամբ Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ` Գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսայի։
Վերոյիշեալ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւը բերին Հայ առաքելական եւ Բողոքական եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Իսլամ եւ այլ կրօններու ղեկաւարներ։
Գերապայծառ Գուսան իր ուղղած ճառին մէջ, նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանյապետին որ հրաւիրած է համայն աշխարհը աղօթելու Սուրիոյ խաղաղութեան համար։ Ապա խօսքը ուղղելով ներկայ գտնուող դիւանգէտներուն կրկնեց Քահանայապետի խօսքը ''պատերազմը ոչ երբե՛ք եւ հազար այո խաղաղութեան, սիրոյ եւ եղբայրութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.